Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան 170-ամեակին առթիւ, 3 Յունիս 2018-ի կիրակի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Հռոմի Հայ կաթողիկէ Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ լատինածէս սուրբ եւ անմահ Պատարագ, զոր մատոյց եւ քարոզեց Վատիկանի Արեւելեան եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ՝ Վսեմաշուք Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, առընթերակայութեամբ կաթողիկէ հայոց Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհիապատիւ Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ Եգիպտոսի թեմի առաջնորդ Արհիապատիւ Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսանի, որոնք հայերէնով ընթերցեցին օրուան Սուրբ Աւետարանը եւ ընթերցուածը։ Սուրբ Զոհի երգեցողութիւնը մաէսթրօ Ռոպէրթ Մլքէեանի ղեկավարութեամբ հայերէնով կատարեց Կիւմրիի Տիրամայր Հայաստանի երգչախումբը: Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան Առաքինազարդ քոյրեր գլխաւորութեամբ Մեծաւոր Մօր՝ Մայր Արուսեակ Սաճոնեանի, Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւոր՝ գերյարգելի Հայր Նարեկ ծ.վ. Նաամոյեան, գերյարգելի եւ գերապատիւ հայրեր, վարժարանին ժառանգաւորները եւ հռոմաբնակ հայ եւ օտար հաւատացեալներ: Այս առթիւ, նախքան Սուրբ Պատարագը խօսք առաւ Մայր Արուսեակ Սաճոնեան։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին յոբելեար Միաբանութեան Մեծաւոր Մայրը եւ քոյրերը ընդունեցին շնորհաւորութիւնները հիւրասիրութիւն մը ընթացքին։