Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը Հռոմէն Պէյրութ, իր նստավայրը՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան վերադարձաւ երէկ, 10 յուլիսի յետմիջօրէին։ Ան մեկնած էր Հռոմ Սրբազան Քահանայապետին հրաւէրով, 7 յուլիսին մասնակցելու համար Միջին Արեւելքի խաղաղութեան դիտաւորութեան աղօթքի եւ խորհրդածութեան յատուկ օրուան, որ տեղի ունեցաւ Պարիի մէջ եւ որուն մասնակցեցան Միջին Արեւելքի 17 կաթողիկէ եւ ուղղափառ բոլոր եկեղեցիներու հովուապետերը կամ ասոնց ներկայացուցիչները, որոնց շարքին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին ներկայացուցիչը՝ Իրլանտայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ հայոց առաջնորդ Հովակիմ Սրբազան։
ԼՈՒՐԵՐ
ՆՈՐ ԱՆՈՒԱՆՈՒՄ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ
Պէյրութ, Հայ Կաթողիկէ...
ԿՈՉ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ՝ Ի ԽՆԴԻՐ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ
Ամենապատիւ Հոգևոր Տէր...
ՍՐՏԻ ԽOՍՔ՝ «ՄԱՍԻՍ» ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԻ 75-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ԱՌԹԻՒ – Դոկտ․ Աբէլ Քհնյ․ Մանուկեան
«Միջերկրական ծովու...