Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելութեան առթիւ, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկէ Հոյոց Կաթողիկոս Պատրիարքը Կիրակի 3 փետրուարին մեկնեցաւ Ապու Տապի, ընկերակցութեամբ Գերյարգելի Գէորգ ծ. վ. Եղիայեանի, մասնակցելու համար Սրբազան Քահանայապետի դիմաւորութեան եւ Սուրբ Պատարագին զոր Սրբազան Քահանայապետը պիտի մատուցանէ երեքշաբթի 5 փետրուարին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելութեան վերջին օրը, Ապու Տապիի Զայէտ մարզադաշտին մէջ։ Պատարագին պիտի մասնակցին նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Պատրիարքները։
Ֆրանչիսկոս Պապին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելութիւնը, որ անոր 27րդ միջազգային ճամբորդութիւնն է, պատմական է անոր համար որ ան առաջին Քահանայապետն է որ կ’այցելէ այս իսլամական երկիրը։ «Այս երկիրը կ’երթամ որպէս եղբայր, միասին գրելու համար երկխօսութեան նոր էջ մը ու միասին քալելու համար խաղաղութեան ուղիներուն վրայ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Ապու Տապի ժամանումէն առաջ։