ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԶՕՐ. ՄԻՇԵԼ ԱՈՒՆԻՆ

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, ընկերակցութեամբ պատրիարքական պատուիրակութեան մը,  երէկ,  7 յունիս  2018, Հինգշաբթի կ. ա. Ժամը 10:30-ին այցելեց Պաապտայի նախագահական պալատ, ուր տեսակցութիւն մը ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին հետ։  Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Արհիապատիւ Տէր Մանուէլ եպիսկ. Պաթագեան, Զմմառու Վանքի մեծաւոր եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ թեմի Գերապայծառ Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, եւ Գերապատիւ Հ. Սեպուհ վրդ. Կարապետեան։

Շուրջ 30  վայրկեան տեւած տեսակցութեան ընթացքին Հանրապետութեան նախագահն ու Հոգեւոր Տէրը անդրադարձան մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի քրիստոնեաներուն հայող խնդիրներուն, ապա նախագահ Աուն արտայայտուեցաւ Հայաստան կատարած այցելութենէն ստացած դրական տպաւորութիւններու մասին։