Հայաստան կատարած իր հովուական այցի շրջանակներու մէջ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Սուրիոյ նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նորա Արիսեանը, ներկայութեամբ Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդութեան առաքելական կառավարիչ Հայր Միքայել Պասալէի, Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի եւ Հայր Նարեկ Վ. Մնոյեանի։
Այցի ընթացքին դեսպան Արիսեան շնորհաւորեց Հոգեւոր Տէրը՝ պատրիարք ընտրութեան եւ օծման առթիւ, մինչ Հոգեւոր Տէրը շնորհաւորեց դեսպան Արիսեանը Հայաստանի մէջ դեսպան նշանակուելուն առթիւ՝ մաղթելով յաջողութիւններ դիւանագիտական առաքելութեան մէջ։
Երկու կողմերը խաղաղութիւն, անվտանգութիւն եւ ապահովական կայունութիւն մաղթեցին Հայաստանին եւ Արեւելքի միւս երկիրներուն։