ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի․ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԴԵՍՊԱՆ ՆԱԶԱՐԵԱՆԸ

Փետրուարի 20-ին, Հռոմի քահանայապետական հայկական վարժարանին մէջ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի․ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեց Սուրբ Աթոռին մօտ ՀՀ դեսպան Կարէն Նազարեանը։

Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցած խօսակցութիւնը շօշափեց  հայ-վատիկանեան առկայ բարեկամական յարաբերութիւնները, որոնք խարսխուած են վաղեմի հոգեւոր, մշակութային, միջանձնական ու միջեկեղեցական կապերու վրայ։ Կարէն Նազարյանը նշեց նաեւ որ ՀՀ իշխանութիւնները առանձնայատուկ ուշադրութիւն կ՛ընծայեն Սուրբ Աթոռի հետ յարաբերութիւններու խորացման եւ այս շրջագիծէն ներս կը կարեւորեն սփիւռքի դերակատարումն ու ջանքերու համատեղումը։

Կաթողիկոս Պատրիարքը իր աջակցութիւնը յայտնեց ՀՀ դեսպանին՝ մաղթելով անոր օրհնաբեր եւ արդիւնաւէտ դիւանագիտական առաքելութիւն։