Պոլիս, Թուրքիա
|
Կիրակի՝ 12 Օգոստոս 2007ին, հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը եկած էր շոգենաւով եւ հետեւած էր Աստուածածնի Վերափոխման Տօնի արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Մարմարա ծովուն մեծ կղզիին՝ Պույուքատայի Վերափոխման նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ:
Օրուան Ս. Պատարագը մատուցեց Արհի. Գէորգ Արք. Խազումեան.առընթերակայ էին Մխիթարեան Հայր՝ Յակոբոս Չօփարեան եւ Քհնյ. Տէր Հայկարամ Չէքիճեան: Սարկաւագութիւնը կատարեց Տէր Յակոբ Մինասեան իսկ երգեցողութիւնը՝ միացեալ երգչախումբը:
Սուրբ Աւետարանի ընթերցումէն ետք, Խազումեան Գերապայծառը տուաւ օրուան պատգամը եւ տօնէն ներշնչուած խօսեցաւ Ս. Կոյսին Վերափոխման եւ Փառաւորման պատմականին մասին: Ան ըսաւ թէ երգելով Անթառամ Ծաղիկը կը գովերգենք այն՝ որ եղաւ «ամենօրհնեալն ի կանայս եւ համեղաճաշակ պտղոյն բանաւոր բարունակը, այսինքն շառաւիղը»: Տօնախմբութիւնը փակուեցաւ Ժողովեալ երգով, հռչակելու համար հրաշափառ կուսութիւնը եւ մայրութիւնը Ս. Աստուածածնի:
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւն որմէ ետք հաւատացեալները առաջնորդուեացան դէպի պարտէզ ուր իրենց համար պատրաստուած էր հիւրասիրութիւն: